2016-10-07 08:38:00

Ողորմութեան Սուրբ Տարի. Մարեմեան Յոբելեանը` 7 - 9 հոկտեմբեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան արտակարգ յոբելեանի ծիրէն ներս 8 եւ 9 հոկտեմբերին կը նշուի Մարեմեան Յոբելեանը որ սկիզբ կ՛առնէ Ուրբաթ 7 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ մատուցուած սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն կը յաջորդէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, հուսկ Հռոմի Յոբելենական Եկեղեցիներուն մէջ`  Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն ու ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարում։  

Շաբաթ 8 հոկտեմբերին, առաւօտեան 7 – 12,  նախատեսուած է Յոբելենական Սուրբ Դռան ուխտագնացութիւն, իսկ յետմիջօրէին ժամը 2-էն սկսեալ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է աղօթքի, վկայութիւններու եւ Մարեմեան տաղերու ներկայացում­, որուն կը յաջորդէ Մարեմեան ընկերակցութիւններու եւ Սրբավայրերու հասարակութիւններու թափօրը։ Ժամը 17.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթք ու Մարեմեան հսկում։

Իսկ Կիրակի' 9 հոկտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10.30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Վերոնշեալ ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Մարեմեան աղօթքի ընկերակցութիւններու անդամներն ու սրբավայրերու հասարակութիւններ։ Նշենք թէ այս առթիւ Հռոմ կը ժամանէ նաեւ Իտալիոյ Փոմփէի Տիրամօր սրբավայրէն` Աստուածամօր Սրբապատկերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.